2015-06-10 11:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ունկնդրութիւնը` ''Ընտանիք եւ Հիւանդութիւն''։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի` 10 յունիս 2015-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ ընդունեց Պուրքինա Ֆազոյի եւ Նիճերի մօտ առաքելական նուիրակն ու անոր  ընտանեկան պարագաները։ Ապա ժամը 10-ին, աւանդութեան համաձայն, հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած իտալացի եւ օտարազգի տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներուն­, մինչ յետմիջօրէի ժամը 5-ին ունկնդրութիւն կը շնորհէ Դաշնային Ռուսիոյ նախագահ Տիար Վլատիմիր Փութինին։

''Այսօրուայ խորհրդածութեան մէջ կ՛ուզեմ անդրադառնալ ընտանեկան կեանքի հայող հասարակ մէկ երեւոյթին` այն է հիւանդութիւնը'', ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին արտասանած ճարին սկիզբը մատնանշելով թէ այս մէկը ''դիւրաբեկութեան փորձառութիւն մըն է որ կ՛ապրուի ընտանիքէն ներս մանկութեան ու յատկապէս ծերութեան ընթացքին''։

Հօր մը կամ մօր մը համար աւելի դժուար է հանդուրժել զաւակի մը ցաւը քան սեփական ցաւը։ Կրնանք ըսել թէ Ընտանիքը եղած է միշտ ամենամօտիկ հիւանդանոցը, որ կ՛երաշխաւորէ խնամքն ու բուժումը։

Աւետարաններուն մէջ յաճախ կը պատմուի Յիսուսի` հիւանդներուն հետ ունեցած հանդիպումի մասին ու զանոնք բուժելու Անոր յանձնառումին։ Ան կը ներկայանայ որպէս հիւանդութեան դէմ պայքարող անձ մը` որ եկած է մարդը բուժելու ամէն տեսակ հիւանդութենէ։

Յուզիչ է այն հատուածը` քաղուած Մարկոսի աւետարանէն, ուր կը նշուի` ''Իրիկունը` մայրամուտէն ետք, մարդիկ սկսան հիւանդներ եւ այսահարներ բերել Յիսուսի քով (Մարկոս 1,32)'', ըսաւ Սրբազան Հայրը ու աւելցուց ''կը մտաբերեմ մեր ժամանակաշրջանի քաղաքները ու հարց կու տամ ու՞ր են այն դռները որոնց առջեւ կարելի է տանիլ հիւանդներ` զանոնք բուժելու յոյսով''։

''Յիսուս երբեք իր նայուածքը չի յղեց այլուր, երբեք չանտեսեց հիւանդները'' հաստատեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապը ընդգծելով թէ Ան (Յիսուս) իր աշակերտները ուղարկեց շարունակելու իր իսկ սկսած առաքելութիւնը, անոնց տալով իշխանութիւն բուժելու։

Եկեղեցւոյ պարականոնութիւնն ալ այս է` օգնել հիւանդներուն առանց շատախօսութիւններու մէջ կորսուելու։ Հիւանդներուն համար աղօթքը երբեք պէտք չէ պակսի։ Ընդհակառակը աւելիով աղօթելու ենք, ըլլայ անհատական ըլլայ հասարակական գետնի վրայ - շեշտեց Ֆրանչիսկոս Պապը։ 

Հիւանդութեան դիմաց, ընտանիքին մէջ ալ կը ծագին դժուարութիւններ, մարդկային տկարութեան պատճառաւ։ Հիւանդութեան ժամանակաշրջանը սակայն կրնայ աւելիով ամրապնդել ընտանեկան կապերը։ Հարկ է առ այդ կրթել զաւակները, մանկութենէն սկսեալ, ունենալու զօրակցութեան հոգի հիւանդութեան ժամանակի ընթացքին, որպէսզի ''անզգայացուած'' չմնան ուրիշին տառապանքին դիմաց։ ''Հարկ է մեր զաւակներն ու թոռնիկները կրթել հասկնալու մօտիկութեան իմաստը երբ ընտանիքի մէջ հիւանդ անձեր կան ու այս կարելի է նաեւ աղօթքի միջոցաւ'',­ ըսաւ Սրբազան Հայրը հրաւիրելով քրիստոնեայ ընտանիքը գոհաբանութիւն մատուցելու  Աստուծոյ` եկեղեցական եղբայրութեան փորձառութեան համար, որ  կ՛օգնէ ընտանիքները դժուար եւ տառապանքի պահերը դիմագրաւելու ու ապա եզրափակեց` ''Այս քրիստոնէական մօտիկութիւնը  իմաստութեան իսկական գանձ մըն է որ ընտանիքները կ՛օգնէ` հասկնալու Աստուծոյ Արքայութեան իմաստը։ Ասոնք Աստուծոյ շոյանքներ են''։

Խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւն զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները, յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղելով երիտասարդներուն հիւանդներուն  եւ նորապսակեալներուն։

Յառաջիկայ շաբաթ օր` պիտի տօնախմբենք Մարիամի Անաղարտ սրտի տօնը։ Ան թող ձեզի հասկցնէ բիւրեղ սիրոյ կարեւորութիւնը - ըսաւ Սրբազան Հայրը խօսքը ուղղելով երիտասարդներուն,  թող ձեզի ըլլայ թիկունք, սիրելի հիւանդներ, դժուարութեան պահերու ընթացքին­, ու ձեզի, սիրելի նորապսակեալներ ըլլայ նեցուկ` ձեր ամուսնական կեանքի ուղեւորութեան ընթացքին։  








All the contents on this site are copyrighted ©.